Տարբերակ մը որուն վրայ կարելի է յենիլ
Մեր հայրենիքը տակաւին կը տուայտի անորոշութեան մէջ: Ունինք անհասկանալի պատկանելիութեամբ ու ծրագիրներով իշխանութիւն մը, որ ամէն գնով «խաղաղութիւն-խաղաղութիւն» կ՛ուզէ խաղալ թշնամիին հետ: Ունինք նաեւ անհեռանկար ու սոսկ լոզունգներով առաջնորդուող այսպէս կոչուած ընդդիմութիւն մը, որ իր կարգ մը առաջնորդներուն ինքնակեդրոն եւ կուսակցական աժան փրոփականտի վրայ հիմնուած գործելաոճով, ոչ միայն ուղակի կամ անուղակի կերպով աւելի կը նպաստէ …