Շարժումը չունի յստակ քաղաքական ուղեգիծ եւ հիմնուած է միմիայն նշանախօսքերու վրայ․ «Ասպարեզ»
Առաջին խնդրայարոյց կէտը՝ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասնակցութիւնն ու առաջնորդութիւնն է։ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին 100է աւելի քաղաքական կուսակցութիւններ։ Հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցական մը կ՛առաջնորդէ շարժումը, որ զուտ քաղաքական բնոյթ ունի։ Արդ, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ։ Արդեօ՞ք կուսակցութիւնները քաղաքական յստակ ուղեգիծ չունին։ Արդեօ՞ք անոնք այնքան հեղինակազրկուած են, որ ժողովուրդին վստահութիւնը չեն վայլեր։ Արդեօ՞ք ղեկավարի յատկանիշներ