Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան պիտի կանգնի Փիրէայի մէջ. «Ազատ օր»»
Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի ջանքերով եւ Հայ դատի յանձնախումբի օժանդակութեամբ, Փիրէայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց յատուկ յուշակոթող մը կանգնեցնել Փիրէայի կեդրոնին մէջ, յարգելու համար յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով Փիրէայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան։ Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Փիրէայի քաղաքապետական շէնքին մէջ, քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստը գումարեց, որու օրակարգերու շարքին ներառնուած