Մամուլը կարգ մը խնդիրներ կ՚արծարծէ ընտրողական մօտեցումով եւ, հետեւաբար, հոն կը պակսին իսկական փոխճանաչումը. Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումար
Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մամուլի մշակներ՝ մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Սոյն համագումարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 09:30-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, …